2015-02-04 08:41:43

Կարդինալ Փարոլին` Միջերկրականը թող ըլլայ վայրը հանդիպումին. բռնութիւն չկատարել յանուն Աստուծոյ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոնաքոյի իշխանապետութեան մէջ ներկայիս տեղի կ’ունենայ Միջերկրականի երեսփոխաններու 9-րդ լիանիստ հաւաքը։
Այս առթիւ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն ընդգծելով հարկաւորութիւնը միացեալ որոշում առնելու` դիմագրաւելու համար գաղթականութեան գլխաւոր դրդապատճառները, ու հակազդելու փախստականները շահագործողները ու դատապարտելու մարդկային էակներու անխիղճ վաճառականները։ Կարդինալ Փարոլին իր պատգամին մէջ, ի յայտ դրաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին բաղձանքը որ ժողովականները սատարեն միջերկրականի ժողովուրդներու հանդիպումի նոր մշակոյթին։
Կարդինալը թուեց հրատապ ռազմավարութիւնները, որուն առջեւ կը գտնուին միջերկրական շրջանի երկիրները, սկսեալ հիւսիսային Ափրիկէի անկայուն քաղաքականութենէն մինչեւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարները։
Կարդինալ Փարոլին իր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու վերապրումին մասին, ընդգծելով թէ մահմետականները եւս կը շարունակեն հալածուիլ ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքով, որոնք ոճիրներ կը գործեն յանուն Աստուծոյ։
Ս. Աթոռը, յայտնեց ապա կարդինալը, յատկապէս մտահոգուած է Միջին Արեւելք մնացող քրիստոնեաներու իրավիճակով ու միաժամանակ կը դատապարտէ բոլոր այն արարքները որոնք կը գործադրուին յանուն Աստուծոյ։
Եզրափակելով պատգամը Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը մատնանշեց որ Միջերկրականը եղած է վայրը հանդիպումի ու բազմաթիւ ժողովուրդներու մշակոյթներու ծաւալումին։ Վայրը հանդիպումի, փոխադարձ յարգանքի ու խաղաղ համակեցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.